Ըստ Փաշինեանի՝ Սեպտեմբեր 14-ին զոհերու թիւը 105 էր

 

Թշնամին բռնագրաւած է նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն 10 քառակուսի քիլոմեթր

Սեպտեմբեր 14-ին, Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերու թիւը 105 է։ Ան աւելցուցած է, որ թշնամին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն 10 քառակուսի քիլոմեթր  բռնագրաւած է։

Վարչապետը յիշեցուցած է, որ անցեալ Մայիսին ալ Ազերպայճան բռնագրաւած էր 40 քառակուսի քիլոմեթր՝ Սեւ լիճի տարածքին։