Մերձաւոր Արեւելքի Al-Monitor լրասփիւռին համաձայն՝ «Փրակայի մէջ Փաշինեան Էրտողանէն օգնութիւն խնդրած է ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման հարցերուն կապակցութեամբ»։
Ըստ կայքէջի աղբիւրներուն՝ Փաշինեան կը փափաքի, որ սահմանը գծուի ոչ թէ նախախորհրդային, այլ՝ խորհրդային ժամանակներու քարտէսի հիման վրայ։
Էրտողան իր կարգին Փաշինեանէն պահանջած է «վերջ տալ օսմանեան ժամանակաշրջանին՝ Հայերու ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցնելու միջազգային արշաւին եւ բանալ Զանգեզուրի միջանցքը»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։