Ռումանիոյ Պուքրէշ քաղաքին մէջ համախմբուած «Ազատականներու եւ ժողովրդավարներու դաշինք յանուն Եւրոպայի» (ALDE) կուսակցութեան խորհուրդը բանաձեւ մը որդեգրած է՝ Ազերպայճանի յարձակումէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ Հայաստանի հասցէին շարունակուող սպառնալիքներու վերաբերեալ։
Սոյն տեղեկութիւնը X-ի իր էջին գրառումով հաղորդած է Յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան։
«Խորհուրդը արձանագրած է, որ Ազերպայճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին շրջափակումը շարունակական մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող Հայութեան համար։ Ազերպայճանի վերջին յարձակումները յանգեցուցին պարզ քաղաքացիներու մահուան եւ շուրջ 120.000 Հայերու ցեղային զտման։ Այժմ Հայաստանին կը սպառնայ Պաքուի կողմէ ներխուժման վտանգ։
Խորհուրդը համոզում յայտնած է, որ Հայաստան մշակութային և կրօնական ամուր կապեր ունի Եւրոպայի հետ եւ կը ձգտի առաւել սերտ համագործակցութեան Արեւմտեան հանրութեան հետ։ Ազերպայճան իր քարիւղի եւ կազի դիւանագիտութեան միջոցով ազդեցութիւն կը բանեցնէ արեւմտեան եւ եւրոպական երկիրներու վրայ, իսկ միջազգային հանրութիւնը չկրցաւ կանխել Հայութեան ենթարկուած ցեղային զտումը։
Խորհուրդը կոչ կ՚ուղղէ աւելցնելու տնտեսական աջակցութիւնը Հայաստանին՝ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու համար, ապահովելու Հայերու անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ եւ ազատ արձակելու գերիները, այդ կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչները:
Խորհուրդը կոչ կը յղէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայելու ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւն՝ երաշխաւորելու համար հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, թիրախաւորուած պատիժներ կիրարկելու Ազերպայճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի եւ մարդկային իրաւանց բազմաթիւ խախտումներէ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՚ընէ կարելի եղածին չափ շուտ կատարել պատերազմական ոճիրներու հետաքննութիւն մը:
Խորհուրդը կոչ կ՚ուղղէ արգիլելու Հայոց նկատմամբ Ազերպայճանի որդեգրած ատելութեան դրսեւորումները եւ ցեղային զտումները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը։
Խորհուրդը կը դատապատէ Ազերպայճանի նախագահին եւ այլ պաշտօնատարներու գրգռիչ յայտարարութիւնները, որոնք կը սպառնան Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, այդ կարգին՝ “Զանգեզուրի միջանցք”-ի հարցով»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։