Իսրայէլ կը շարունակէ զինել Ազերպայճանը Արցախի մէջ ցեղային զտումէն ետք եւ Հայաստանի հանդէպ սպառնալիքներու ենթախորքին։ Այս մասին ընկերային ցանցերու վրայ յայտնած է Հայ դատի ԱՄերիկայի կոմիտէի (ANCA) ծրագրերու տնօրէն Ալեքս Կալիցքի՝ վկայաբերելով Flightradar24 ծառայութեան տուեալները։
«Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու խարիսխէն Պաքու դարձեալ մեկնած է ազերպայճանական ռազմական փոխադրատար օդանաւ մը՝ նոր բեռներով։ Միաժամանակ, Իսրայէլ կը շարունակէ ռազմական ոճիրներ գործել Կազայի գօտիին մէջ»,– նշած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։