«Armenia terra sacra» ժապաւէնով ֆրանսահայ բեմադիրը կ՚ուզէ աշխարհին պատմել Հայաստանի եւ Արցախի մասին

 

Շուտով Փարիզի և եւրոպական շարք մը քաղաքներու մէջ կը ցուցադրուի ֆրանսահայ բեմադիր Նարեկ Ոսկանեանի «Armenia terra sacra» ժապաւէնը։

65 վայրկեաննոց փաստագրական ժապաւէնի նկարահանումները տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ թոյլատրութեամբ։ Նիւթը՝ միջնադարեան հայկական ճարտարապետութիւնն է՝ եկեղեցիները, վանքերը, բերդերը եւ անոնց պատմութիւնը։ Կը ներկայացուի նաեւ Հայաստանի բնութեան բացառիկ գեղեցկութիւնը։

Նարեկ Ոսկանեան

Ֆիլմը արտադրող Նարէ Թադէոսեան նշած է, թէ Արցախի մէջ նկարահանուած եկեղեցիներէն, վանքերէն, ամրոցներէն շատերը այժմ կը գտնուին Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ։ Նկարահանումները կատարուած են պատերազմէն առաջ՝ 2019-ին։

“Մենք նկարահանած ենք Ծիծեռնավանքը, Դադիվանքը, Տիգրանակերտը, Տող գիւղը, Հադրութի շրջանի քանի մը բերդերը, Քարվաճառը, որոնք փաստօրէն այսօր բռնագրաւուած են։ Պատերազմէն յետոյ ժապաւէնին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չենք ըրած։ Վստահաբար օտարները այս ֆիլմը դիտելէ ետք դահլիճէն կը մեկնին՝ իրենց յիշողութեան մէջ պահելով, թէ այդ բոլոր եկեղեցիները եւ քաղաքները Հայերուն կը պատկանին եւ այսօր Ազերպայճանի յարձակողական քաղաքականութեան պատճառով բռնագրաւուած են”,– յայտնած է բեմադիր Նարեկ Ոսկանեան «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցին։

Ան աւելցուցած է, թէ ֆիլմին նպատակն է նաեւ համայն աշխարհի Հայութեան եւ օտար հանդիսատեսին ներկայացնել Հայաստանը, հայկական մշակոյթը, պատմութիւնը, ցոյց տալ Հայաստանի գրաւչութիւնը՝ այդպէսով ալ նպաստել հայրենիքի զբօսաշրջութեան բնագաւառին։

Ֆիլմին մէջ բնագիրը կը կարդայ ֆրանսացի օփերայի երգիչ Մարիօ Հաքար։ Բացառիկ հարցազրոյցով ալ հանդէս կու գայ հայագէտ Ժան-Փիէր Մահէ։ Լեզուն ֆրանսերէն է, բայց պիտի թարգմանուի նաեւ հայերէն։

Հետեւեալ կապով կարելի է դիտել ֆիլմէն փոքր բաժին մը.-