Search
Close this search box.

Caucasus Heritage Watch. «Ազերիները Շուշիի մէջ գերեզմանատուն մը եւս աւերած են 

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը («Caucasus Heritage Watch») կը տեղեկացնէ, թէ Ազերիները Շուշիի մէջ գերեզմանատուն մը եւս աւերած են՝ աղբ լեցնելով այդ հատուածին մէջ:

«Կ՚ենթադրուի, թէ Հոկտեմբեր 5-էն Նոյեմբեր 3-ի ընթացքին Ազերիները պուլտոզերներով աղբ լեցուցած են Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց վանքի հին գերեզմանատան վրայ, որ կը գտնուի Մայր տաճարի հարաւ-արեւելքը։ Հոն վնասուած են արդէն իսկ մասնատուած տապանաքարերը։ Գերեզմանատան գտնուելու վայրը հաստատուած է քարտէսներով եւ վերջին լուսանկարներով»,– նշուած է կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։