Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը («Caucasus Heritage Watch») կը տեղեկացնէ, թէ Ազերիները Շուշիի մէջ գերեզմանատուն մը եւս աւերած են՝ աղբ լեցնելով այդ հատուածին մէջ:
«Կ՚ենթադրուի, թէ Հոկտեմբեր 5-էն Նոյեմբեր 3-ի ընթացքին Ազերիները պուլտոզերներով աղբ լեցուցած են Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց վանքի հին գերեզմանատան վրայ, որ կը գտնուի Մայր տաճարի հարաւ-արեւելքը։ Հոն վնասուած են արդէն իսկ մասնատուած տապանաքարերը։ Գերեզմանատան գտնուելու վայրը հաստատուած է քարտէսներով եւ վերջին լուսանկարներով»,– նշուած է կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։