Ամերիկեան հեղինակաւոր CNN-ը իր 2022-ի ճամբորդական ցանկին մէջ առանձնացուցած է աշխարհի լաւագոյն արշաւային ուղղութիւններէն 23-ը, ներառելով նաեւ Հայաստանը:
Հայաստանին վերաբերող բաժինը վերնագրուած է՝ «Հայաստանը և Մետաքսի ճանապարհը»:
Ընդգծուած է, որ Հայաստան կը գտնուին Եւրոպայի լաւագոյն արահետներէն քանի մը հատը:
«Հայաստանն ու Մետաքսի ճանապարհը» 11-օրեայ ճանապարհորդութիւնը կ՚անցնի յարմար երթուղիներով՝ միացնելով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի պահպանութեան տակ գտնուող Սանահին եւ Հաղբատ վանքերը, անցնելով կրաքարային լեռնագագաթներով եւ սաղարթախիտ անտառներով՝ Գեղամայ վայրի լեռներոով՝ քայլարշաւի, եւ երկրի ամենաբարձր լեռը՝ Արագածի գագաթը բարձրանալու կարելիութեամբ»,– նշուած է CNN-ի յօդուածին մէջ:
Ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ ուղղութիւններ՝ Միացեալ Թագաւորութեան, Սպանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Արժանթինի, Մարոքի և այլ երկիրներու մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։