«Ազերպայճանի մէջ շատեր մտահոգ են, որ ցեղային ազգայնապաշտութիւնը եւ տարածքային վերամիաւորման խոստումները նոր թիրախներ կը գտնեն։ Իսկ Հայաստանի պետութիւնը կը փորձէ ընդունիլ աւելի քան 100.000 գաղթականները, որոնցմէ շատեր կ՚ըսեն, որ չեն կրնար յարմարիլ իրենց նոր կեանքին»,– կը հաղորդէ CNN։
Կեանքը՝ առկախ վիճակի մէջ
Նոնա Պօղոսեան փախած է Ստեփանակերտէն՝ ամուսնոյն, երկուորեակ երեխաներուն եւ տարեց ծնողներուն հետ։ Անոնք փոքրիկ բնակարան մը վարձած են Երեւանի մէջ։ Պօղոսեան կ՚ըսէ, թէ իրենց հայեացքներն ու միտքերը տակաւին Ղարաբաղ են։
“Պարզապէս կ՚ուզեմ իմանալ, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։ Իմ տունս ի՞նչ եղած է։ Կը նախանձիմ անոնք որոնք այնտեղի օդը կը շնչեն”,– կ՚ըսէ ան CNN-ի թղթակցին։
«Ալիեւ յայտնած է, որ հայերու բնակարանները անձեռնմխելի մնացած են, բայց ընկերային ցանցերու տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւի, թէ ազերպայճանցի զինուորականները ինչպէս Հայերուն տուները վանդալական արարքներու կ՚ենթարկեն…
Սեպտեմբեր 19-ին Պօղոսեանի երեխաները դպրոցէն տուն կը վերադառնային, երբ Ստեփանակերտ հրթիռակոծուեցաւ։ Անոր ամուսինը երեխաները գտաւ մայթեզրին եւ տարաւ ապաստարան։ Յաջորդ առաւօտ “ինքնահռչակ” Արցախի Հանրապետութիւնը յանձնուեցաւ։ Անոնց կեանքը ակնթարթի մէջ փլուզուեցաւ։
Ամբողջ բնակչութեան հետ անոնք մեկնեցան իրենց տուներէն։ Անոնք անօթի էին եւ հիւծուած։ Տասը ամիսէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղը շրջափակման մէջ էր, մինչ Ազերպայճան փակած էր Լաչինի միջանցքը։
Ճամբան բացին, որպէսզի բնակչութեան թոյլ տան մեկնիլ այնտեղէն։ Կնոջ համաձայն՝ չորս օր տեւեց Ստեփանակերտէն Երեւան հասնիլը (ճամբան սովորաբար չորս ժամ կը տեւէ)։
Հայաստանի կառավարութիւնը ողջունեց գաղթականները։ Բայց աջակցութիւնը անբաւարար է։ Պօղոսեան 100.000 դրամի չափով նպաստ ստացաւ, բայց բնակարանի համար կը վճարէ 300.000 դրամ։ Իր ընտանիքը կ՚ապրի երեխաներու կրթութեան համար կատարած խնայողութիւններուն շնորհիւ։
Ղարաբաղի կառավարութեան լուծարումը Պօղոսեանը զրկեց երեխաներու նպաստէն, ծնողները՝ թոշակէն, ամուսինը՝ նախկին զինուորականը, աշխատավարձէն։ “Մարդիկ կան, որոնք կառքերու, դպրոցներու նկուղներու կամ մանկական խաղավայրերու մէջ կը բնակին”,– կ՚ըսէ ան։
“Մենք հոն ձգեցինք մեր հոգիները”
Գայիանէ Լալաբեկեան կը պատմէ, որ ամէն առտու երբ կ՚արթննայ Երեւանի իր նոր բնակարանին մէջ, ինքզինքին հարցում կ՚ուղղէ, որ արդեօք ճիշդ ըրա՞ծ է, բայց ի՞նչ կրնային ընել։
Ալիեւ յայտարարած է, որ Ղարաբաղ մնալ ցանկացող Հայերուն ազերպայճանական քաղաքացիութիւն պիտի տրուի։ “Անոնք երկու ճամբայ ունէին՝ կամ համարկուիլ, կամ անցնիլ պատմութեան գիրկը”,– կ՚ըսէ ան։
Բայց բռնութեան ենթարկուած քանի մը սերունդներէն ետք, շատ քիչ Հայեր կը հաւատան, որ կրնան ապահով ապրիլ Ազերպայճանի մէջ։
“Ալիեւը սատանայ է։ Մենք չենք կրնար վստահիլ անոր խոստումներուն”,– կ՚ըսէ Լալաբեկեան։ “Մենք չենք կրնար միասին ապրիլ։ Յետոյ ի՞նչ պիտի ընենք։ Չենք գիտեր, թէ ո՛վ ենք։ Մենք Արցախի՞ քաղաքացիներ ենք, թէ՞ Հայաստանի։ Այս հարցումին պատասխան չունինք։ Մենք այնտեղ ձգեցինք ամէն ինչ։ Մենք այնտեղ ձգեցինք մեր հոգիները”։
Խաղաղութեան հեռանկարները
Որոշ դէտեր կը պնդեն, որ ղարաբաղցի գաղթականներուն ծանր վիճակը կրնայ տարածաշրջանային խաղաղութեան ողբերգական գինը հանդիսանալ։ Քանի որ Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային մակարդակի վրայ ճանչցուած է Ազերպայճանի մաս եւ Ղարաբաղէն Հայաստանի հրաժարումը խաղաղութեան նախապայմանն է։
Բայց Ալիեւ յաղթանակէն յետոյ մտահոգութիւն չի ցուցաբերեր։ Ղարաբաղ կատարած իր առաջին այցելութեան ան տրորած է Ղարաբաղի դրօշը եւ ծաղրած ղարաբաղցի քաղաքական գործիչները, զորս բանտարկած է, երբ անոնք կը փորձէին փախչիլ։
Ձերբակալուածներու մէջ է Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը։ Անոր որդին՝ Դաւիթը, CNN-ին նկարագրեց Ազերպայճանի “արդարադատութեան ոչ-թափանցիկ համակարգը”, ուր այժմ կը գտնուի իր հայրը, որ կը մեղադրուի նաեւ “ահաբեկչութեան գանձատրման” եւ “սահմանը անօրինաբար հատելու” մէջ։ Ազերպայճան եւ Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին, հետեւաբար Վարդանեանին մերժուած է հիւպատոսական օժանդակութիւնը։ Դաւիթ կրցած է հեռաձայնով խօսիլ հօրը հետ՝ միայն մէկ անգամ, Սեպտեմբեր 27-ին, անոր ձերբակալութենէն ետք։ “Եթէ մենք իրապէս խաղաղութիւն կ՚ուզենք Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ, ապա կարելի չէ թոյլ տալ, որ քաղաքական բանտարկեալները տակաւին մնան բանտերու մէջ”,– կ՚ըսէ ան։
Պաքու հրաժարած է Պրիւսէլի եւ Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ բանակցութիւններէն՝ նշելով, թէ Արեւմուտքը կողմնակալ վերաբերում ունի Ազերպայճանի նկատմամբ։ Անոր հռետորաբանութիւնը տարածքային յաւակնութիւններու վերաբերեալ սրուած է եւ կառավարական փաստաթուղթերու մէջ ան Հայաստանը կ՚անուանէ «արեւմտեան Ազերպայճան», որ ազգայնամոլական հայեցակարգ մըն է։
Յոյսի որոշ նշաններ երեւցան Դեկտեմբեր 7-ին, երբ Ազերպայճան եւ Հայաստան համաձայնեցան գերիներ փոխանակել առանց Պրիւսէլի ու Ուաշինկթընի միջամտութեան։
ԱՄՆ-ը յայտարարեց, թէ կը յուսայ, որ փոխանակումը “խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի հիմքը կը դառնայ”։ Հայաստան խոստացաւ չխոչընդոտել գալ տարի COP29-ի Ազերպայճանի մէջ կազմակերպումը։ Բայց ամէնէն մեծ գայթաքարը, հաւանաբար, կը դառնայ Նախիջեւանը։ Ալիեւ կը յուսայ կառուցել «ցամաքային միջանցք» Հայաստանի ընդմէջէն։ Ան այդ միջանցքը անուանած է «Զանգեզուր»…
Հայաստան դեմ չէ այս գաղափարին, բայց կը մերժէ կորսնցնել իր այդ տարածքին վերահսկումը։ Անցեալ ամիս ան ներկայացուց տարածաշրջանի ենթակառոյցներու վերականգնման իր ծրագիրը՝ “Խաղաղութեան խաչմերուկ”-ը… Ան կը յուսայ առեւտուրէն շահ ապահովել, որ չէր յաջողած երկարատեւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին։
Բայց Հայաստանի ցանկութիւնները կրնան քիչ նշանակութիւն ունենալ։ Դեկտեմբերին Ալիեւ յայտարարած է, որ “պէտք չէ ըլլայ ո՛չ մէկ մաքսատուրք, ո՛չ մէկ ստուգում, սահմանի ո՛չ մէկ պահպանութիւն մինչեւ Նախիջեւան»՝ աւելցնելով, որ Հայերը պէտք է սկսին շինարարութիւնը “անմիջապէս, իրենց հաշուոյն”։
Ալիեւ հաւաստած է, որ Հայաստանի տարածքը գրաւելու ծրագրեր չունի՝ ընդգծելով, որ “եթէ մենք ուզէինք, կ՚ընէինք”։ Բայց միաժամանակ յայտարարած է, որ այդ տարածքը “խլուած” է Ազերպայճանէն 1920-ին, խորհրդային իշխանութեան օրօք, եւ նախազգուշացուցած Հայաստանը, որ “իրենք աւելի շատ իրաւունքներ ունին վիճարկելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը”։
Աննա Օհանեան (Ռուսաստանի եւ Եւրասիոյ ծրագրերու աւագ գիտաշխատող Քարնըկի հիմնադրամին մէջ) կ՚ըսէ, որ Ալիեւի հռետորաբանութիւնը մեղմացած է գերիներու փոխանակումէն ետք, բայց այդ մէկը “շատ բանով կապուած է ԱՄՆ-ու զօրաւոր դիմադրութեան հետ”։
“Անոր նպատակները չեն փոխուած։ Ինչպէս միշտ, անոր անհրաժեշտ է մրցակցութիւն կամ հակամարտութիւն Հայաստանի հետ, նոյնիսկ երբ վերականգնած է լիակատար վերահսկողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ”,– CNN-ին ըսաւ Օհանեան։ “COP29-ը իր երկրին մէջ կազմակերպելը կրնայ թերեւս տարի մը զսպել Ալիեւը, բայց ո՛չ մէկ երաշխիք, որ ան պիտի խաղայ միջազգային կանոններով։ Ռուսաստան 2014-ին կազմակերպեց ողիմպիական խաղերը եւ անկէ անմիջապէս ետք յարակցեց Ղրիմը”։
Դիւանագիտութիւնը կրկին կրնայ ապարդիւն ըլլալ։ Վերլուծաբանները կը նշեն Ազերպայճանի աճող ռազմական ներկայութեան մասին…
Ղարաբաղի Հայերը միշտ իմացած են, որ յայտնուած են մեծ տէրութիւններու հակամարտութեան կեդրոնը։ Բայց համեմատական խաղաղութեան 30 տարիներէ ետք անոնք չէին սպասեր, որ ամէն ինչ այդքան արագ կը փլուզուի…
“Ես կը հասկնամ, որ սա մեծ խաղ մըն է, որուն կը մասնակցին մեծ երկիրները, կան Ռուսաստանի, Թուրքիոյ շահերը, եւ Ազերպայճան այս բոլորին միջեւ մեծ դերակատարութիւն ունի, իսկ Հայաստան՝ դիմադրելու համար չափէն աւելի թոյլ է”,– կ՚ըսէ Պօղոսեան եւ կ՚ընդգծէ, թէ “100.000 հոգիի տեղահանման առումով սա ողբերգութիւն է”»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։