Նոյեմբեր 1-ին, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսած են Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին աշխատանքները: Ժողովին, իբրեւ ատենապետ, մասնակցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ. արքեպիսկոպոս Մաշալեան:
Ժողովը բացուած է Տէրունական աղօթքով, ապա ժողովականները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Սեպտեմբեր 13-14-ին ազերպայճանական ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած հայորդիներուն յիշատակը եւ աղօթած անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար:
Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, ողջունելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի եւ սփիւռքեան թեմերէն ժամանած հոգեւորականներու մասնակցութիւնը ժողովին, իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքները հաղորդած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հոգեւորական ու աշխարհական անդամներուն եւ հրաւիրած Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը՝ վարելու ժողովին նիստերը:
Ժողովը կը քննարկէ յետպատերազմեան շրջանին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Մայր տաճարի հիմնական նորոգման, օծման եւ միւռոնօրհնութեան միջոցառումներու կազմակերպման ընթացքը: Օրակարգին ընդգրկուած են նաեւ ազգային, եկեղեցա-վարչական, կազմակերպչական, ընկերային, եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու բարեկարգման ու վերանորոգման, Եկեղեցւոյ կրթադաստիարակչական առաքելութեան առնչուող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։