Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսա յատկապէս Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութեան պատճառով՝ Ազերպայճանի հետ կը բոլորէ խիստ լարուած յարաբերութիւններու շրջան մը. այս գէշ յարաբերութիւններու հետեւանքները երկարած են մինչեւ Անդրծովեան շրջանները։ Այս լարումի ենթախորքին՝ նախագահ Մաքրոն որոշած է չմասնակցիլ Նոյեմբեր 11-22 Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 կլիմայի համաժողովի շրջանակին մէջ Նոյեմբեր 12-13 տեղի ունենալիք՝ պետութեանց ղեկավարներուն սահմանուած վեհաժողովին։ 2019-էն ի վեր առաջին անգամ է, որ Ֆրանսայի նախագահը կը բացակայի COP-ի վեհաժողովէ մը։
հակառակ բռնատիրական Ազերպայճանի մէջ կայանալիք այս համաժողովը ամբողջական պոյքոթի ենթարկելու քաղաքական բոլոր հոսանքներէն բազմաթիւ կոչերու, Ֆրանսա ներկայ պիտի ըլլայ,– սահմանափակ կազմով ալ ըլլայ,– ու պիտի մասնակցի նոյնքան սահմանափակ բանակցութիւններու։
Արդարեւ, հակառակ այս բուռն կացութաձեւին (contexte)՝ Ֆրանսա կը մերժէ «պարապ աթոռի քաղաքականութիւնը»։ Հետեւաբար, Ֆրանսայի Բնապահական անցումի հարցերու նախարարուհին նոյնիսկ եթէ յայտարարեց, թէ պիտի նախընտրէր, որ COP29-ը «տեղի չունենար Պաքուի մէջ», բայց եւ այնպէս նոյեմբեր 21-24 ներկայ պիտի ըլլայ հոն՝ բանակցութիւններու վերջնական փուլին մասնակցելու համար։ «Պէտք է պաշտպանենք Փարիզեան համաձայնագրին գոյները»,– ըսած է Անիէս Փանիէ-Ռիւնաշէ: «COP-ը ՄԱԿ-ի բազմակողմ միակ բանակցութիւնն է, որ կապուած է կլիմայի հետ եւ կը միատեղէ աշխարհի բոլոր երկիրները»,– աւելցուցած է ան։
Ֆրանսա եւ Եւրոպական Միութիւնը կ՚ուզեն շարունակել լիարժէք զօրաշարժը կլիմայի շուրջ բանակցութիւններուն, մինչ Տոնալտ Թրամփի ընտրութիւնը կրնայ խոչընդոտել այս բնագաւառին մէջ ակնկալելի յառաջընթաց(ներ)ը: COP29-ի գլխաւոր մարտահրաւէրը զարգացած երկիրներէն զարգացող երկիրներուն տրամադրուող տարեկան կլիմայական օգնութեան չափը վերափոխելն է, որ ներկայիս 100 միլիառ տոլարէն աւելի է:
«[Էմանիւէլ Մաքրոնի]՝ կլիմայի նկատմամբ յանձնառութիւնը, անոր քաղաքականութիւնը յատկանշող ուժեղ կէտերէն մէկն է»,– կը հաստատէ Էլիզէ՝ յիշեցնելով, որ Ֆրանսա «կը պատրաստուի 2025 Յունիսին Նիսի մէջ հիւրընկալելու ովկէանոսներու նուիրուած ՄԱԿ-ի համաժողովը» եւ «Ղազախստանի հետ պիտի համանախագահէ One Water Summit-ին, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբերին Սաուտական Արաբիոյ մէջ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։