Search
Close this search box.

COP29-ին ընդառաջ Հայ դատի համակարգին աշխատանքները

2024 Նոյեմբեր 11-22 Ազերպայճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ պիտի գումարուի ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը (COP29), որուն կ՚ակնկալուի որ մասնակցին կառավարական հազարաւոր պատուիրակներ, լրագրողներ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ազերպայճան այս համաժողովը կ՚օգտագործէ մոլորոցնելու միջազգային հանրային կարծիքը իր էութեան մասին։

Միաժամանակ, այս համաժողովը առիթ է, որ ներկայացնենք Ազերպայճանի իսկական՝ ցեղասպանական, ռազմատենչ, ամբողջատիրական հակաժողովրդա­վարական էութիւնը, ձայն բարձրացնելով նաեւ կլիմայի փոփոխութեան մէջ այդ երկրի բացասական վարքագիծին մասին։

Հայ Դատի համակարգը — յանձնախումբեր եւ գրասենեակներ — այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք արդէն սկսած են իրականացնել յատուկ մշակուած ծրագիր՝ հասնելու համար այն բոլոր շրջա­նակներուն՝ կառավարական, քաղաքական, հասարակական եւ լրատուական, որոնք որեւէ չափով առնչուած են COP29-ին։ Այդ աշխատանքներուն նպատակն է շեշտել արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը, մղել նշեալ շրջանակները ազդեցութիւն բանեցնելու Ազերպայճանի վրայ՝ պահանջելով Արցախի մէջ իր գործադրած ցեղասպանական արարքներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս իր ներխուժումին եւ հայ գերիներու անօրէն պահպանելու հարցերով իր հայատեաց քաղաքականութիւնը փոխել։

Այս աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է իւրաքանչիւր հայու, որ ընկերային ցանցերու վրայ օգտատէր է։ Կոչ կ՚ուղղենք բոլորին, որ ընկերային ցանցերով այս նպատակով օտար լեզուներով գրառումներ կատարեն, միաժամանակ օգտագործելով առնուազն այս չորս hashtag-ները. #COP29Exposed , #CKOPout29 , #COP29 , #COP29Azerbaijan ։ Այս կայքէջէն (https://copout29.com/) կրնաք առնել Հայ դատի համակարգին կողմէ պատրաստուած կարգ մը գծանկարներ, որոնք կ՚արտայայտեն մեր տեսակէտները։ Խիստ կարեւոր է բոլոր գրառումներուն եւ կամ գծանկարներուն հետ օգտագործել վերոյիշեալ hashtag-ները։

Մեր տեսակէտները արծարծելու համար յարմար առիթ են նաեւ յառաջիկայ օրերուն սկսող 2024-ի Ողիմպիական խաղերը, Փարիզի մէջ։

Ընկերային ցանցերու վրայ, հայկական շրջանակներու հետ համագործակցաբար, նման աշխատանքի մասնակից է նաեւ Միջազգային քրէական ատեանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ։ Այս առիթով հայութեան ուղղուած իր ուղերձը Օքամփօ կ՚եզրափակէ գրելով. «Միջազգային հանրութեան ջանքերը միաւորելով՝ դուք կրնաք հասնիլ COP29-ի համաժողովին՝ ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան, այլեւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ արդարութեան հարցերու դիտարկումին: Հայե՛ր, ժամանակն է ըլլալու փոփոխութիւններու առաջամարտիկը: Գրառումներ կատարեցէ՛ք, մեկնաբանեցէ՛ք եւ բարձրացուցէ՛ք ձեր ձայնը: Ձեզի պիտի միանան շատերը, ներառեալ՝ ես»:

Քաղաքական հանրայայտ դէմքեր, միջազգային տարբեր կազմակերպու­թիւններ արդէն իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են COP29-ի Պաքուի մէջ գումարուելուն առնչութեամբ։ Ոմանք նոյնիսկ կոչ ըրած են պոյքոթի ենթարկելու այդ նախաձեռնութիւնը։

Հանրութիւնը տեղեակ պահելու համար, մենք պարբերաբար կ՚անդրադառնանք այս աշխատանքներուն։

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ