Search
Close this search box.

COP29-ի համաժողովին մասնակցելու համար՝ հայամէտ ծերակուտական Ֆրենք Փալոնի Պաքու ժամանումով ծագած վայնասունը

Ամերիկացի հայամէտ ծերակուտական Ֆրենք  Փալոն Նոյեմբեր 16-ին ժամանած է Պաքու, մասնակցելու համար COP29-ի համաժողովին։

Դատելով ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած տեսանիւթերէն ընդունելութիւնը «շատ ջերմ» եղած է։

Ազերպայճանցիները զայն դիմաւորած են պոռչտուքներով, բողոքելով՝ «ծերակուտականին հայանպաստ կեցուածքին եւ այդ ուղղութեամբ տարած քարոզչական գործունէութեան դէմ»։

Նոյեմբեր 17-ին ալ շարունակուած են Ազերպայճանի ոչ-կառավարական հասարակական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցերը ընդդէմ Փալոնի:

Ցուցարարները կրկին հաւաքուած են ծերակուտականի պանդոկին առջեւ: Անոնք կը պահանջեն, որ «ամերիկացի օրէնսդիրը ազերպայճանցի ժողովուրդի դէմ իր կողմնակալ կեցուածքին համար անյապաղ ներողութիւն խնդրէ, ուղղէ իր կարծիքը, ինչպէս նաեւ անմիջապէս մեկնի Պաքուէն»,– կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը։