Նոյեմբեր 11-ին, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է Հանրային հեռատեսիլին։ Ստորեւ՝ կ՚առանձնացնենք որոշ բաժիններու ամփոփ պատկերը.-
Հարցումին, թէ՝ Հայաստանի իշխանութեան կեցուածքը ո՞րն է. Արցախը Հայաստան է եւ վե՞րջ, թէ՞ Հայաստան շատոնց ընդունած է, որ Արցախը Ազերպայճանի մաս կը կազմէ, վարչապետը պատասխանած է.- “Այս իրավիճակում, եթէ ուզում ենք աղէտների առաջ չկանգնեցնել Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը, այդ վետոյով (խօսքը՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» բանաձեւումին մասին է – «ՆՅ») միայնակ ամբողջ աշխարհի դէմ կռիւ չպէտք է տալ, որովհետեւ չենք կարող”։
Ան դիտել տուած է. “1996 թուականին ամբողջ միջազգային հանրութիւնն արձանագրել է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պէտք է կարգաւորուի Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում”։
***
“Հայաստանն իր առաջարկներն է ներկայացրել խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի վերաբերեալ, նաեւ Վաշինգտոնում տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքում հայկական պատուիրակութիւնը իր առաջարկները, բնագրի տարբերակը ներկայացրել է քննարկման”,– յայտնած է Փաշինեան:
“Առաջին հերթին Ռուսաստանի Դաշնութիւնը պէտք է տայ հարցի պատասխանը, թէ ռուսական առաջարկները դեռ շրջանառւո՞ւմ են։ Մենք ասել ենք, որ դա մեզ համար ընդունելի է”,– ընդգծած է վարչապետը:
***
Փաշինեան նշած է, թէ Թուրքիոյ նախագահին հետ առաջին հանդիպումէն դրական տպաւորութիւն ստացած է։ “Դրական եմ գնահատում այն առումով, որ Թուրքիայի նախագահի խօսակցութեան բովանդակութիւնը եւ իմ ասածներն անհամատեղելի չէին իրար հետ, եւ եթէ լինի հետեւողական աշխատանք, լինի իսկապէս քաղաքական կամք եւ ցանկութիւն, այդ խօսոյթները կարող են համադրուել իրար հետ, ինչը նշանակում է յարաբերութիւնների կարգաւորում”,– աւելցուցած է ան եւ ընդգծած. “բոլորին է յայտնի՝ Ադրբեջանն այդ յարաբերութիւններում առկայ է”:
***
Պատասխանելով «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները անընդհատ սպառնալիքի տակ են» հարցումին՝ վարչապետը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ նախքան Փրակայի եւ Սոչիի հանդիպումներն ալ Իլհամ Ալիեւ կը պնդէր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած է, հիմա ալ կ՚ըսէ, որ Սոչիի եւ Փրակայի յայտարարութիւններով այդ հարցը լուծուած է: “Երբեք էլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը տարածքի հարց չի եղել։ Եթէ Ղարաբաղի հարցը լուծուած է, տեղի բնակչութիւնն ինչո՞ւ դա չի զգում: Ինչո՞ւ են ադրբեջանական զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ դիրքեր տեղադրել եւ ինչո՞ւ են կրակում Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Սա շատ կարեւոր հարց է, որի բովանդակային պատասխանը պէտք է նաեւ միջազգային հանրութիւնը ստանայ: Մենք դէմ չենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուի կամ լուծուած լինի, մենք ասում ենք, որ այդ լուծումը առաջին հերթին պէտք է տեսնեն, զգան, ընդունեն այնտեղ ապրող մարդիկ, ինչո՞ւ են նրանք անընդհատ սպառնալիքի ներքոյ”,– նշած է ան:
***
Ինչ կը վերաբերի ռուս խաղաղապահներուն՝ ըստ վարչապետին Հայաստան այժմ ալ պատրաստ է ստորագրելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այդ առաքելութեան պայմանաժամի ինքնաբերաբար երկարաձգումը: “Տեսականօրէն եթէ նոյնիսկ Ռուսաստանն ուզի կամ որոշի դուրս բերել իր ուժերն այդտեղից, պէտք է այդ առաքելութեան լրացուցիչ երաշխիքներ ստեղծի”,– ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
***
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, թէ Հայաստանի տարածքին մէկ մասը բռնագրաւուած է, եւ ազերպայճանական զօրքերը պէտք է ետ քաշուին բռնագրաւեալ այդ տարածքէն եւ միջազգային բոլոր հանդիպումներուն այդ մասին արձանագրուած է: “Եթէ մենք փոխադարձաբար ընդունում ենք 1991-ի սահմանը, դրանով իսկ հաստատւում է արդէն, որ Ադրբեջանը բռնագրաւել է մեր տարածքները”,– եզրակացուցած է վարչապետը։
Հոս, Հայաստանի վարչապետը ակնարկած է Փրակայի եւ Սոչիի հանդիպումներէն յետոյ Ազերպայճանի նախագահի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց՝ Ալմաթիի 1991-ի հռչակագրին ընդունումով, սահմաններու ճանաչումով՝ Հայաստան, ըստ էութեան, կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը՝ Ազերպայճանի կազմին մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։