Freedom House իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի բնակավայրերու հրետակոծման կապակցութեամբ

 

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ազերպայճանի կողմէ հայկական բնակավայրերու հրետակոծման կապակցութեամբ։ «Մեզ կը մտահոգեն ազերպայճանական բանակին՝ հայկական Գորիս, Ջերմուկ, Վարդենիս եւ Սոթք բնակավայրերը  այս գիշեր սաստիկ հրետակոծութեան ենթարկելու մասին տեղեկութիւնները: Մենք կոչ կ՚ընենք երկու կողմերուն անյապաղ դադրեցնելու կրակը եւ գտնելու խաղաղ լուծում»,– նշուած է կազմակերպութեան Twitter-ի էջին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«ՆՅ» – Ինչպէս շատ յաճախ,– չըսելու համար միշտ,– նման պարագաներու՝ այս յայտարարութեան մէջ եւս կոչ կ՚ուղղուի ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ։ Իսկ ինչպէ՞ս իրաւունք պաշտպանելու կոչուած աշխարհահռչակ նման կազմակերպութիւն մը կրնայ  նոյն նժարին մէջ դնել նախայարձակն ու զոհը։ Ուրեմն, յարձակման ենթարկուած կողմը պէտք է վա՞ր դնէ զէնքը ու դիտէ թէ՝ ինչպէս հակառակորդը պիտի գայ ու աւարտէ իր «ձեռքին գործը»։ 

Իսկապէս, անհեթեթութեան գագաթնակէտը կը հասնին նման կոչեր ու նախընտրելի է բնաւ չըլլան։ Եթէ այսպէս պիտի մտահոգուին, թո՛ղ բնաւ ձանձրոյթը չկրեն մտահոգուելու։ 

Խմբագրական