Մեծ եօթնեակի (G7) երկիրները Հայաստանին եւ Ազերպայճանին մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու կոչ ըրած են, շեշտելով որեւէ գրգռիչ քայլի անթոյլատրելիութիւնը:
G7-ի երկիրներու Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.
«Մենք կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանին եւ Ազերպայճանին լիովին յանձնառու մնալու խաղաղութեան գործընթացին՝ հասնելու համար յարատեւ խաղաղութեան՝ հիմնուած ուժի բացառման, ինքնիշխանութեան յարգանքի, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն վրայ»։
G7-ը Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու Արցախէն տեղահանուածներուն անվտանգ վերադարձը ապահովելու համար:
Անդրադառնալով յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերուն՝ G7-ի ղեկավարները կոչ ըրած են բանալու երկու երկիրներու միջեւ սահմանները:
G7-ի երկիրներն են՝ ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա, Ճափոն, Գանատա, Իտալիա, Գերմանիա, Ֆրանսա։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։