Search
Close this search box.

«Global Startup Ecosystem Index-2022»-ի վարկանիշով՝  Երեւան կովկասեան տարածաշրջանի առաջատարն է

«Global Startup Ecosystem Index-2022»-ի միջազգային վարկանիշին մէջ Երեւան կովկասեան քաղաքներու առաջատարն է։ «StartupBlink» ամէն տարի կը հրապարակէ աշխարհի ամէնէն ամբողջական «Global Startup Ecosystem Index» զեկոյցը, որ կը դասակարգէ 1.000 քաղաքներու եւ 100 երկիրներու startup-ներու (արհեստագիտական ոլորտի նորարար ձեռնարկութիւններ, որոնք կը գործեն համացանցի վրայ) համակարգը, նպատակ ունենալով որակեալ տեղեկատւութիւն տրամադրել զարգացումներու վերաբերեալ:

«Երեւան կովկասեան տարածաշրջանի ամենաբարձր վարկանիշ ունեցող քաղաքն է: Կովկասի մէջ ան կը շարունակէ մնալ առաջին դիրքի վրայ։ Հայաստան պիտի շարունակէ պահպանել իր այդ դիրքը նաեւ մօտ ապագային։ 2022-ին Երեւան մտաւ աշխարհի լաւագոյն 250 քաղաքներու վարկանիշային ցանկ։ Մեծ թռիչք արձանագրեց՝ բարելաւուելով 38 կէտով եւ գրաւեց 244-րդ տեղը համաշխարհային չափանիշով։ Այս աճը Երեւանը՝ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ բարձրացուց 19-րդ դիրքին՝ 2021 թուականի 29-րդին փոխարէն»,– «Արմէնփրէս»-ի համաձայն ըսուած է զեկոյցին մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ անցնող տարին լաւ էր Հայաստանի համար, քանի որ զգալի յառաջընթաց արձանագրած է, բարձրանալով 5 աստիճան, եւ այժմ 100 երկիրներու շարքին կը գրաւէ 60-րդ տեղը:

Զեկոյցին մէջ ըսուած է, թէ հակառակ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ ապրած լարումին, հակառակ դէպի ծով ելք չունեցող, ցամաքային սահմանափակ մուտքով երկիր ըլլալուն, հայկական համակարգը յաջողած է իրական ճկունութիւն ցուցաբերել: Նշուած է նաեւ թէ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը շատոնց անդրադարձած է, որ նորարարութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի երկրի ապագային համար, եւ միջոցներ յատկացուած են նշեալ համակարգի զարգացման նպատակով: Հայաստանի մէջ արհեստագիտութեան ոլորտը 2021-ին ծաղկած է՝ աճը խթանող նոր ներդրումներով:

«Հայկական startup-երը ի սկզբանէ թիրախաւորած են համաշխարհային շուկան՝ երկրին ներքին փոքր շուկային պատճառով։ Բացի ատկէ, Հայաստանի կառավարութիւնը մեծ աշխատանք կը տանի՝ աջակցելով արհեստագիտական startup-երուն։ Օտար ներդրումներուն աջակցելու համար Հայաստան ստեղծած է ազատ տնտեսական գօտիներ։ Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին երկիրը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է թղթաբանութիւնը պարզացնելու եւ եղծանումը կանխելու ուղղութեամբ։

Հայկական startup-ի համակարգը դեռ կը գտնուի իր առաջին փուլերուն. երկիրը ընելիքներ ունի վերականգնուելու համար։ Առկայ է չօգտագործուած զգալի ներուժ, որ կը սպասէ յայտնաբերուելու»,– ըսուած է զեկոյցին մէջ: ■