Ազերպայճանագէտ Գառնիկ Դաւթեան Դիմագիրքի իր էջով կը հաղորդէ, թէ Google Maps-էն անհետացած են Արցախի բռնագրաւուած բնակավայրերու հայկական տեղանուները… Ակնայէն մնացած է Աղդամը, Վարանդայէն՝ Ֆիզուլին, Կուպաթլին, Կովսկանէն՝ Զանգելանը, Քարվաճառէն՝ Քելբաջարը։
«Ի գիտութիւն նաև նշեմ, որ այս հարցով Ազերպայճանցիները շատոնց կը զբաղէին՝ տակաւին անցեալ տարի պաշտօնական նամակ յղած էին Google-ին՝ տեղանունները անուանափոխելու պահանջով»,– գրած է Դաւթեան:
Լուսանկարը՝ Գ․ Դաւթեանի էջէն։
Միւս կողմէ, «Թաթոյեան» հիմնադրամին եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի միացեալ ջանքերով եւ «Google» ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ՝ կարելի եղած է «Google Maps» եւ «Google Earth» յաւելուածներէն հեռացնել Հայաստանի Սիւնիքի մարզի համայնքներու տեղանուններու կեղծ` ազերպայճաներէն տարբերակները։ Լուրը կը հաղորդէ «Թաթոյեան» հիմնադրամը։
«Ակնյայտ էր, որ սա ազերպայճանական իշխանութիւններու՝ Սիւնիքի ազերպայճանական ըլլալու մասին բացարձակ կեղծ թեզը ներկայացնելու եղանակ էր։ Աւելի՛ն, այդպէսով կը փորձեն օրինականացնել ազերպայճանական յանցաւոր ներխուժումներն ու յարձակումները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ։
Հեռացուած են նաեւ ազերպայճաներէնով նշուած այլ կեղծ տեղանուններ:
Հարկ է կարեւորութեամբ ընդգծել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի արագ արձագանգը, «Google» ընկերութեան հետ կապ հաստատելը եւ աշխատանքի հետեւողականութիւնը»,– նշուած է «Թաթոյեան» հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։