«Հակառակ ստանձնած պարտաւորութիւններուն՝ Ազերպայճան էական քայլերու չէ ձեռնարկած՝ երաշխաւորելու համար Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը, կամ վերականգնելու անոնց սեփականութեան իրաւունքները», կը յայտարարէ միջազգային Human Rights Watch կազմակերպութիւնը՝ անցեալ շաբաթավերջին հրապարակած իր տարեկան զեկոյցին մէջ:
Նոյն զեկոյցին՝ Հայաստանի վերաբերող բաժնին մէջ կը նշուի, որ ամբողջ 2024-ին «հանրային քննարկումներուն մէջ կը գերակշռէր անապահովութեան զգացումը՝ Ազերպայճանի հետ տակաւին չկարգաւորուած հակամարտութեան պատճառով»:
Անդրադառնալով ներքին քաղաքական հարցերուն՝ հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը երկրորդ տարին անընդմէջ կը խօսի հայաստանեան ոստիկանութեան կողմէ արձանագրուած չարաշահումներու եւ անոնց համար համարժէք պատիժի բացակայութեան մասին:
Օրինակ բերելով Յունիս 12-ին խորհրդարանին մօտ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ տեղի ունեցած բախումները՝ Human Rights Watch կը գրէ. «Իրաւապահները, ըստ հաղորդումներու, մեծ քանակութեամբ ձայնային նռնակներ գործածեցին ցուցարարներու ուղղութեամբ՝ մօտ հեռաւորութենէն, որմէ ետք աւելի քան 100 հոգի դիմեց բժշկական օգնութեան»:
Կը նշուի, թէ «հայաստանեան օրէնսդրութիւնը ոստիկաններուն իրաւական հիմք չէր տար գործածելու ձայնային այն նռնակները, որոնք գործածուեցան Յունիս 12-ին», եւ թէ միայն անկէ շաբաթներ ետք՝ Յուլիսին, իշխանութիւնները զանոնք ներառեցին Ներքին գործերու նախարարութեան զինանոցին մէջ: Միաժամանակ, զեկոյցը կը հաստատէ, որ ցարդ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն բացայայտեր, թէ այդ նռնակները այսուհետեւ ինչպիսի՞ պայմաններու տակ կրնան գործածուիլ: Յստակ է միայն, որ այդ դէպքերէն աւելի քան կէս տարի ետք իրաւապահները 15 ցուցարարի դէմ յարուցած են խուլիգանութեան, մէկուն դէմ ալ՝ զանգուածային անկարգութիւններու մասնակցելու մեղադրանք: Եւ թէեւ հետաքննութիւն կ’ընթանայ նաեւ ոստիկանութեան գործողութիւններուն շուրջ, անոնց տակաւին որեւէ մեղադրանք չէ ներկայացուած:
Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ոստիկանութեան անպատժելիութեան մասին գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ դիտարկում ըրած էր նաեւ անցեալ տարի:
Այս անգամ առանձին անդրադարձ կայ նաեւ Սամուէլ Վարդանեանի գործին, որ ձերբակալուած էր անցեալ Ապրիլին՝ իշխանութեան պատկանող երեսփոխանի մը հետ վիճաբանութենէն ետք: Զեկոյցը կը յիշեցնէ՝ երիտասարդը ահազանգած էր, թէ ոստիկաններու կողմէ կալանավայր փոխադրուելու ճամբուն վրայ յարձակման ենթարկուած է դիմակաւոր անձերու կողմէ: Եւ թէեւ իշխանութիւնները հետաքննած են այս ահազանգը, սակայն միջադէպէն աւելի քան կէս տարի ետք ոեւէ մէկուն դէմ տակաւին մեղադրանք չէ յարուցուած:
Իբրեւ դրական զարգացում կը նշուի, թէ կառավարութիւնը հրաժարած է տեսախցիկներու մասին վիճայարոյց օրէնքէն, որուն ընդունման պարագային Երեւանի մէջ գործող մասնաւոր ընկերութիւնները պէտք է շէնքերու մուտքերուն տեսախցիկներ տեղադրէին՝ շարունակական հասանելիութիւն եւ ըստ պահանջի՝ ձայնագրութիւններ տրամադրելով ոստիկանութեան:
«Սա պիտի ըլլար կամայական եւ անհիմն ոտնձգութիւն մարդու անձնական կեանքի իրաւունքին դէմ»,– կը հաստատէ միջազգային կազմակերպութիւնը, յիշեցնելով որ այս մասին քանի մը նամակ ղրկած է Հայաստանի կառավարութեան, մինչեւ որ վերջինս որոշած է ետ քաշուիլ այդ նախաձեռնութենէն։
Տեղեկատւութեան ազատութեան եւ կարծիքներու արտայայտման բաժնին մէջ կը նշուի, թէ 2024-ի առաջին կիսամեակին «Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան յանձնախումբը» արձանագրած է լրագրողներու եւ անոնց օժանդակ անձնակազմին դէմ ֆիզիքական բռնութեան 14 պարագայ՝ ոստիկանութեան եւ անծանօթ անձերու կողմէ, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի ճնշումներու 43 պարագայ։
Քաղաքական գործիչները եւ գործարարները շարունակած են զրպարտութեան մեղադրանքներ ներկայացնել լրագրողներուն եւ լրասփիւռներուն՝ զանոնք ներքաշելով իրաւական երկար վէճերու մէջ՝ դրամական մեծ տուգանքներու սպառնալիքի տակ։ Միւս կողմէ, իբրեւ դրական միտում, Human Rights Watch կը նշէ, թէ «հետզհետէ կ’աւելնան պարագաները, երբ այդ վէճերը կը կարգաւորուին լրասփիւռներու բարոյականութեան յանձնախումբին միջոցով՝ դատարան դիմելու փոխարէն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։