« Le Figaro – Histoire »-ի 2022 Դեկտեմբեր- 2023 Յունուարի թիւը (65), որ մեծ մասամբ նուիրուած է Հայաստանի, բառիս բուն իմաստով բացառիկ է։
Առանց նկատի ունենալու կողքը եւ առաջին էջերուն ալ Հայութեան նուիրուած քանի մը յօդուածները, հանդէսին 130 էջերէն 63-ը (էջ 40-էն 103) որպէս յատուկ թղթածրար յատկացուած են Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայութեան։ Յօդուածներ ստորագրած են ֆրանսահայ մտաւորականութեան, կամ Հայոց քաջածանօթ ֆրանսացի ամէնէն յայտնի անուններ։ Հայոց՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ արդի պատմութիւն, զայն կերտած հայ մեծանուն դէմքեր, գրականութիւն, եկեղեցի, արուեստ, մշակոյթ, ժառանգութիւն, մարտահրաւէրներ, ներկայի իրավիճակ… մէկ խօսքով, գրեթէ ամէն ինչի տեղ տրուած է հոն եւ եզակի բծախնդրութեամբ։
Անկեղծօրէն խստիւ յանձնարարելի հրատարակութիւն մը իր ազգով հետաքրքրուող իւրաքանչիւր Հայու համար։
Կասկած չունինք, թէ այս ողջունելի գործին ետին կը գտնուի Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, որուն՝ կը մնայ յայտնել մեր անկեղծ շնորհակալութիւնը։
Գին՝ 8,90 €
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։