Search
Close this search box.

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են թափ հաղորդել բանակցութիւններուն

Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճեյհուն Պայրամով Նոյեմբեր 7֊ին հանդիպում ունեցած են ԱՄՆ-ու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։ Նախարարները հիւրընկալուած են Blair House-ի մէջ, ուր տեղի ունեցած է նաեւ միատեղ հանդիպում ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ երկու երկիրներու նախարարները միտքեր փոխանակած են հաւանական խաղաղութեան պայմանագրի տարրերուն շուրջ եւ արձանագրած, որ առկայ են շարք մը խնդիրներ, որոնք տակաւին հասցէագրման կարիք ունին։ Կողմերը վերահաստատած են Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի եւ Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներուն ստանձնած յանձնառութիւնները:

Նախարարները համաձայնած են թափ հաղորդել իրենց բանակցութիւններուն եւ կրկին հանդիպիլ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին: Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ամերիկեան կողմին հիւրընկալութեան համար։

Պլինքըն.- «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան 30-է աւելի տարիները մարդկային եւ նիւթական հսկայական կորուստներու պատճառ դարձած են»

Այս հանդիպումէն առաջ ունեցած իր ելոյթին, Պլինքըն ընդգծած է, թէ երկխօսութիւնը կայուն խաղաղութեան հասնելու լաւագոյն ճամբան է, եւ Միացեալ Նահանգներ ուրախ է որ կ՚աջակցի այդ երկխօսութեան։

“Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՚աջակցի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան։ 1991-ին, անկախութեան վերականգնումը կենսականօրէն կարեւոր պահ մըն էր երկու երկիրներու իրաւունքներու երաշխաւորման տեսանկիւնէն, իրաւունքներ, որոնց մենք կ՚աջակցինք: Կը կարծեմ նաեւ արդար է ըսելը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան 30-է աւելի տարիները յանգեցուցած են մարդկային, նիւթական հսկայական կորուստներու՝ կորսուած կեանքեր, խոր սպիներ: Բայց այն, ինչ հիմա մենք կը տեսնենք, երկու երկիրներու իրական եւ խիզախ քայլերն են՝ անցեալը իրենց ետին ձգելու եւ կայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ աշխատելու համար: Երկու կողմերն ալ կ՚աշխատին յանուն Հարաւային Կովկասի պայծառ ապագայի, ապագայ խաղաղութեան”,– նշած է Պլինքըն: ■