Ըստ Monument Watch-ի՝ 2024 Նոյեմբեր 8-ին, ազերպայճանական թելեկրամեան ալիքները տարածած են բռնագրաւուած Ստեփանակերտի ‹‹Մենք ենք մեր սարերը›› յուշարձանի լուսանկարները, տեսանիւթերը, ուր ակներեւ են յուշարձանին վրայ գրութիւններ, ազերպայճանցիներու անուններ, մականուններ, հայերն ու Հայաստանը ծաղրող գրառումներ։ Վնասուած է յուշարձանի տարածքը։
Միաժամանակ նկատելի են ազերպայճանական քարոզչամեքենայի նոր կեղծիքները, որ «թէպէտ յուշարձանը կառուցուած է խորհրդային տարիներուն Ազերպայճանի գումարներով, սակայն ան դարձած է հայկական անջատողականութեան խորհրդանիշ, հետեւաբար պէտք է կազմաքանդուի»:
«Կրնանք հաւաստել, որ Պաքուի իշխանութիւնը կը խրախուսէ յուշարձանի քանդումին ուղղուած քննարկումները»,– կը նշէ վերոնշեալ աղբիւրը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։