Search
Close this search box.

«Moxie» մարդամաքենան գլխաւոր մրցանակը շահած է Լաս Վեկասի մէջ

 

Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ամերիկահայ Փաոլօ Փիրճանեանի Embodied ընկերութեան Հայաստանի մէջ արտադրած «Moxie» մարդամեքենան Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած CES 2024 լայն հասարակութեան գործածութեան ուղղուած ելեկտրոնական սարքերու միջազգային ցուցահանդէսին արժանացած է գլխաւոր մրցանակին՝ «Արհեստական բանականութեան» անուանակարգին մէջ։

«Moxie» մարդամեքենան իր արհեստական բանականութեամբ (AI) կը համարուի երեխայի զարգացման յեղափոխական արհեստագիտութիւն: Ան ինչպէս վերեւ ըսինք, ստեղծուած է ամերիկահայ Փաոլօ Փիրճանեանի հիմնադրած Embodied Inc. ընկերութեան կողմէ, 2016 թուականին։

Մարդամեքենան նախատեսուած է ֆիզիքական հաշմանդամութենէ կամ այլ թերութիւններէ տառապող 5-էն 10 տարեկան երեխաներու համար։ «Moxie»-ն երեխաներուն կը սորվեցնէ հաղորդակցիլ՝ զարգացնելով անոնց յուզական որակները: Օգտագործելով առաջադէմ արհեստագիտութիւններ եւ արհեստական բանականութիւն՝ «Moxie»-ն կը ցուցաբերէ ամբողջական մօտեցում մը, ինչ որ երեխաներուն կ՚օգնէ սորվելու հիմնական զարգացման հմտությունները խաղի միջոցով: Գործիքը նաեւ թոյլ կու տայ հետեւիլ երեխայի զարգացման փուլերուն: ■