Search
Close this search box.

« Politico » կը հաղորդէ, որ Պրիւսէլի մէջ Ազերպայճանի դեսպանը մահուան սպառնալիք ուղղած է Հայաստանի դեսպանին

« Politico » առցանց թերթը կը հաղորդէ, որ Ազերպայճանի դեսպան Վաքըֆ Սատիքով Պրիւսէլի մէջ ընդունելութեան մը ընթացքին մահուան սպառնալիքներ ուղղած է Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի հասցէին։ Հայաստանի դեսպանութիւնը անցեալ շաբաթ Պրիւսէլի այլ դիւանագիտական ​​առաքելութիւններուն յղած է միջադէպին մասին տեղեկացնող բողոքի նամակ մը, որ հասանելի եղած է նաեւ « Politico »-ին. հոն մանրամասնօրէն բացատրուած է, որ դեսպան Բալայեան «բանաւոր յարձակման եւ ահաբեկման ենթարկուած է» Սատիքովի կողմէ, որ «մահուան բացայայտ սպառնալիքներ ուղղած է անոր դէմ»:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Պրիւսէլի Tangla պանդոկին մէջ, Թուրքիոյ ազգային տօնին առիթով թրքական  դեսպանատան կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին։ Այս ընդունելութիւնը կը յատկանշուէր որպէս Անգարայի կողմէ հովանաւորուող առաջին ձեռնարկը, որուն Հայաստանի դեսպանութիւնը կը մասնակցէր 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, զոր սանձազերծած էր Ազերպայճան։

Սատիքով, պատասխանելով « Politico »-ի հարցումներուն՝  հերքած է միջադէպը, նման պնդումներ «ծիծաղելի» գտնելով եւ ընդունելութիւնը որակելով որպէս «սովորական դիւանագիտական ​​միջոցառում՝ լաւ ուտելիքով եւ հաճելի մարդոցմով»։ «Ես տեղեակ չեմ որեւէ նամակի կամ պնդումի մասին. հայ դիւանագէտները կրնան պատմել ինչ որ կ՚ուզեն»,– աւելցուցած է ազերպայճանցի դեսպանը, ուրանալով իրեն վերագրուող սպառնալիքները։

Հայաստանի դեսպանութիւնը մերժած է այլ մեկնաբանութիւն կատարել, մինչդ Թուրքիոյի դեսպանատունն ալ դեռ չէ պատասխանած հարցումներուն:

Եւրոպական խորհրդարանը հետեւողականօրէն կոչ ըրած է – եւ կը շարունակէ ընել,– Ազերպայճանին յարգելու Արցախի հայերու իրաւունքները եւ դատապարտած է մարդկային իրաւանց ոլորտին մէջ Ազերպայճանի ներքին իրավիճակը։ Պրիւսէլի եւ Պաքուի միջեւ լարումը վերջերս սաստկացած է գործիչներու (activistes) եւ լրագրողներու նկատմամբ Ազերպայճանի վերաբերումին պատճառով, որ զգայուն նիւթ մըն է, մինչ համաշխարհային առաջնորդները կը պատրաստուին հաւաքուելու Պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի կազմակերպած՝ կլիմայի շուրջ բանակցութիւններուն՝ COP29-ին համար:

Դեսպան Սատիքով անցեալին ալ ենթակայ դարձած էր Եւրոպական Միութեան քննադատութեան, երբ ան ընկերային ցանցերու մէջ վիճայարոյց գրառում մը կատարած էր։ Ենթական քով-քովի երկու լուսանկար հրապարակած էր, մէկը՝ ազերպայճանական «Իսթիկլալ» IST-14.5 3000 մեթր հեռահարութեամբ դիպուկահար հրացանի, իսկ կողքին ալ՝ Հայաստան այցելող եւրոպացի քաղաքական գործիչներու, անոնց քով ալ հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Տղա՛ք, հեռու կեցէք ազերպայճանական պետութեան սահմանէն»։ Այս գրառումը լայնօրէն մեկնաբանուած էր որպէս հազիւ թէ քօղարկուած սպառնալիք։

Այս վերջին դրուագը կ՚արդարացնէ Ազերպայճանի դիւանագիտական ​​նման վարքին զուգահեռ աճող մտահոգութիւնները, մինչ այդ երկիրը կը պատրաստուի ընդունելու միջազգային բարձրակարգ միջոցառումներ: