Search
Close this search box.

Արցախի թեմի առաջնորդ.– «Արցախում մշակութային եղեռն է եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն չի արձագանգում»

Նոյեմբեր 9-ին, News.am-ի հետ հարցազրոյցին,  Արցախի  Հայոց թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան յայտարարած է, թէ պատերազմի աւարտէն երկու տարի ետք, ոեւէ գիտակից Հայ չի կրնար համակերպիլ, որ ինք ոչ միայն պարտուած է, այլ նաեւ, այդ ամէնը եղած է անարդար կերպով։

“Առաջին անգամը չէր, որ մենք պատերազմական գործողութիւն էինք տեսնում։ Բայց սա բոլոր առումներով անարդար եւ չկազմակերպուած պատերազմ էր, որի ամբողջ իմաստը կորսուած է։ «Քաջերը քաջերի դէմ ելան, երկու կողմն էլ պարտութիւն կրեց» արտայայտութիւնն այս պատերազմի մասին չէր, մեր դիմաց քաջեր չէին, այստեղ կազմակերպուած ծուղակ էր, եւ մենք արձանագրեցինք այս խայտառակ պարտութիւնը”,– նշած է Առաջնորդ սրբազանը։

Ըստ անոր՝ անգնահատելի եւ անկշռելի է այն հոգեւոր արժէքը, որ այժմ կ՚ոչնչացնէ Ազերպայճանը։

“Մշակութային եղեռն է։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նման կարեւոր կազմակերպութիւնն ուղղակի չի արձագանգում, այդ նոյն կազմակերպութիւնն այսօր մշակութային բարձր արժէքների մասին է խօսում…”,– դիտել տուած է Վրթանէս եպիսկոպոս։

Արցախի թեմի առաջնորդին համաձայն՝ հակառակ կրած ծանր կորուստներուն, մարդիկ կրնան վստահութիւն ունենալ իրենց ապագային նկատմամբ, եթէ արդարութեան նշոյլներ տեսնեն քաղաքականութեան մէջ։

“Եթէ դա չկայ, հիասթափութիւնը եւ խուճապն առաջնահերթութիւն են դառնում։ Բայց եթէ դրանք առկայ են, մարդիկ ամուր կառչում են իրենց հողին եւ ոգին դառնում է անպարտելի։ Մենք Վեհափառի օրհնութեամբ, մեր հովուական ծառայութեան մէջ ժողովրդին փորձում ենք ասել, որ ամէն ինչ վերջացած չէ, Արցախցին պէտք է շարունակի ապրել։ Արցախի քաղաքական ուժերը եւս այս քաղաքականութեամբ են շարժւում, որ իւրաքանչիւրս ջանք պէտք է գործադրի, որ Արցախցին մնայ իր հողի վրայ։ Միաժամանակ պէտք է Հայաստանի եւ Սփիւռքի այցելութիւններն Արցախ աւելի բազմացնել, որովհետեւ գնալ-գալով Արցախը կ՚ապրի”,– ըսած է ան։

Տէր Վրթանէսի համաձայն՝ Դադիվանք ուխտագնացութիւնները վերականգնած են։ Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին երկու խումբ այցելած է Դադիվանք․ “Սնունդը, կապը կայ։ Մեր սպասաւորները խաղաղապահների հետ ներդաշնակ կերպով ապրում են”։