Դեկտեմբեր 1-ին, Տուպայի «Burj Al Arab» եօթնաստղանի պանդոկին մէջ տեղի ունեցած World Travel Awards մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Հայաստան երկրորդ մրցանակ մը շահած է։ Արդարեւ, աշխարհի ճոպանուղիներու լաւագոյնը ընտրուած «ՏաԹեւեր»էն ետք, Երեւանի Seven Visions Resort & Places, The Dvin պանդոկը ճանչցուած է լաւագոյնը՝ World’s Leading Hotel Dining & Entertainment Experience անուանակարգին մէջ։ Այնտեղ ներկայացուած էին շքեղ համալիրներ, ինչպէս՝ Jumeirah Al Naseem, Burj Al Arab, Four Seasons, Atlantis The Royal, Kempinski Hotel Mall of the Emirates-ը եւ այլն։
Մրցանակաբաշխութեան փորձագէտները գնահատած են Seven Visions Resort & Places, The Dvin-ի ճաշարանները եւ հիւրերու ժամանցի կազմակերպումը։ Հայաստանի սրտին վրայ գտնուող պատմամշակութային, ժամանցային համալիրը տպաւորած է իր եզակի յայտագրերով, օրինակ, աշխարհի միակ օդային թատրոնը՝ «One&Only»-ն, որու բեմը օդին մէջ է, հայկական ոճի «Hayrik» խոհանոցը, Dvin Music Hall համերգային սրահը, որ ցարդ հիւրընկալած է շուրջ 100 պատուիրակութիւններ՝ նախագահներու, վարչապետերու գլխաւորութեամբ եւ այլն:
Այս տարի պանդոկը արդէն շահած էր Եւրոպայի «Europe’s Leading New Hotel 2023» առաջին մրցանակը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։