Մայիս 2-ին, Team Telecom Armenia-ի եւ Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին միջեւ ստորագրուած յուշագրին համաձայն՝ Team-ը 50% զեղչով գերարագ համացանց պիտի տրամադրէ Հայաստանի մէջ գործող Թումօ կեդրոններուն եւ տուփերուն՝ հետագային անվճար կերպով բոլոր Թումօ կէտերը համացանցով ապահովելու պայմանով:
Ընդգծելով համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ Team-ի ընդհանուր տնօրէն Հայկ Եսայեան նշած է. «Team-ն ու Թումօն ունին նոյն առաքելութիւնը, բայց տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Միաւորելով մեր ուժերը՝ պիտի նպաստենք Հայաստանի բոլոր մարզերու պատանիներու կրթութեան որակի բարձրացման, ինչպէս նաեւ համայնքներու աշխուժացման»։
«Մասնաւոր հատուածի ներգրաւումը կրթութեան զարգացման մէջ նոյնքան կարեւոր է, որքան համացանցը՝ 21-րդ դարու կրթութեան կազմակերպման համար։ Նման համագործակցութիւններու շնորհիւ պիտի կարողանանք ապագայի հմտութիւնները հասանելի դարձնել Հայաստանի բոլոր պատանիներուն»,– նշած է Թումօ կեդրոնի տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։