Ըստ հնդկական «The Economic Times» առցանց թերթին՝ Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանի հետ հրթիռներու, արկերու եւ զինամամթերքի մատակարարման մեծ պատուէր ստորագրած է:
Ըստ կայքին՝ երկու երկիրներու կառավարութիւնները զէնքի եւ զինամթերքի մատակարարման պայմանագրերը ստորագրած են այս ամսուան ընթացքին։
Հայաստան Հնդկաստանէն պիտի ստանայ ժամանակակից «Pinaka» համազարկային կրակի համակարգեր, հակահրասայլային զէնքեր եւ այլ զինամթերք:
Ռազմամթերքի մատակարարման գործարքին գինը կը գնահատուի շուրջ 245 միլիոն տոլար:
Հնդկաստան Հայաստանին սպառազինութիւն վաճառած էր նաեւ 2020-ին։ Այդ ժամանակ հայկական կողմը շուրջ 40 միլիոն տոլարով ձեռք բեած էր չորս Swathi ռատառներ։ Այս ռատառները յաջողութեամբ փորձարկուած են Փաքիստանի եւ Չինաստանի սահմաններուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։