Ամերիկեան Time ամսագրին մէջ հրապարակուած է Harvard համալսարանի փրոֆ. Քրիսթինա Մարանցիի յօդուածը, ուր ան կ՚անդրադառնայ Արցախի մշակութային ցեղասպանութեան, որ ըստ հեղինակին՝ անխուսափելի է, նկատի առնելով Նախիջեւանի հայկական մշակութային ժառանգութեան արժանացած ճակատագիրը՝ Ազերպայճանի տիրապետութեան տակ։
«Ի՞նչ մշակութային ցեղասպանութիւն կը սպասէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերուն» խորագրով գրութեան հեղինակը կը յիշեցնէ Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացումը, Ջապրայիլի (Ջրական կամ Մեխակաւան) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հողին հաւասարեցումը եւ Մեծ Թաղեր գիւղի հայկական գերեզմանոցի անհետացումը Ազերպայճանի կառավարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գնդակոծումը եւ վանդալական արարքներու ենթարկուիլը։
«Արցախի մէջ հազարամեակներու հայկական կեանքի բնաջնջումը կարելի դարձած է ա՛յն մարդոց անգործութեան ու թուացեալ անտարբերութեան պատճառով, որոնք կրնային կանխել այդ։ ԱՄՆ-ը և Եւրոպական Միութիւնը բարձրաձայն կը խօսին մարդկային համընդհանուր իրաւունքներու մասին, բայց ոչինչ ըրին ինն ամիս, մինչ Արցախցիները զրկուած էին սնունդէ, դեղորայքէ, վառելիքէ եւ այլ կենսական պարագաներէ: Անոնք ոչինչ ըրին Արդարադատութեան միջազգային ատեանի հրահանգը պարտադրելու համար, որ տակաւին 2023 Փետրուարին Ազերպայճանէն կը պահանջէր դադրեցնել իր շրջափակումը։ Այդ անգործութիւնը ակնյայտօրէն քաջալերեց Ազերպայճանը յարձակելու, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը խրախուսէ միւսները՝ նոյնը ընելու այլուր»,– կը գրէ փրոֆ. Քրիսթինա Մարանցի:
Հեղինակը կը նախազգուշացնէ, որ Պատմութենէն կարելի է եզրակացնել, որ ցեղային զտումները սովորաբար կ՚ուղեկցուին մշակութային կառոյցներու ոչնչացման տարբեր միջոցներով՝ սկսեալ վանդալական արարքներէն մինչեւ հիմնայատակ քանդումը։ Նուազ ծանօթ եւ փոքր եկեղեցիներն ու յուշարձանները, ըստ Մարանցիի, հողին կը հաւասարեցուին, իսկ առաւել ծանօթները, օրինակ՝ միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան կոթողներ Դադիվանքի կամ Գանձասարի պարագային կ՚ըլլան զեղծարարութիւններ։ Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ Ազերպայճան արդէն իսկ փորձած է զանոնք ներկայացնել իբրեւ «Կովկասեան Աղուանքի վանքեր»։ Իսկ բազմաթիւ այլ կոթողներու վրայէն, հեղինակին համոզումով, կը ջնջուին հայկական արձանագրութիւնները։
Քրիսթինա Մարանցի կը յիշեցնէ նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած մշակութային ցեղասպանութիւնը։
«Այժմ ժամանակն է, որ աշխարհ պաշտպանէ Արցախի մէջ մնացած հայկական մշակոյթը։ Հակառակ պարագային, ո՞ր մշակոյթը պիտի ըլլայ յաջորդը»,– կ՚եզրափակէ հեղինակը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։