Ազերպայճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանութիւնը «Թուիթըր»-ի իր էջին կատարած գրառումով շնորհաւորած է Ազերպայճանը՝ «յաղթանակի օրուան» կապակցութեամբ, տարածաշրջանին մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։
Նշենք, որ «յաղթանակի օր» ըսելով կ՚ենթադրուի 2020-ի աշնան Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմին արդիւնքները։ Այլ խօսքով՝ Իսրայէլ կը շնորհաւորէ Ազերպայճանը՝ Հայոց ցեղային զտումներուն համար։
Հոլոքոսթ վերապրած ժողովուրդի մը կողմէ՝ նման աջակցութիւնը առնուազն տարօրինակ է։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։