Search
Close this search box.

Հակառակորդի արձակած գնդակէն հայ զինուոր մը ծանրօրէն վիրաւորուած է

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արամ Թորոսեան հաղորդած է, թէ Նոյեմբեր 10-ի առաւօտեան, հայ-ազերպայճանական սահմանի արեւելեան կողմը տեղակայուած դիրքերու ուղղութեամբ թշնամիի արձակած գնդակէն վիրաւորուած է հայ զինուոր մը։

Թորոսեանի համաձայն՝ անոր վիճակը ծայրայեղ ծանր է։