Search
Close this search box.

Washington Post. «Կլիմայի համաժողովը կ՚օգնէ Ազերպայճանի բռնապետական վարչակազմին»

The Washington Post օրաթերթը կը գրէ՝ «կլիմայի համաժողով մը եւս, որ կ՚օգնէ բռնապետական վարչակազմի մը»։

Ազերպայճան, որ կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի կլիմայական յաջորդ համաժողովը, մարդկային իրաւանց ոտնահարման զարհուրելի պատմութիւն ունի:

Երբ կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագրին մասնակից երկիրները որոշում կը կայացնեն, թէ ո՛վ պիտի կազմակերպէ կլիմայի տարեկան համաժողովը, որոշումին չափանիշերն են՝ թեկնածու երկրին ենթակառոյցը, կլիմայական պարտաւորութիւնները, քաղաքական կայունութիւնը եւ գանձատրման աղբիւրները: Բայց ոչ՝ ժողովրդավարութիւնը կամ մարդկային իրաւունքները:

Հետեւաբար COP29-ը՝ աշխարհի բռնատիրական կառավարիչներուն կողմէ «կանաչ լուացման» (greenwashing) դէպքերու շղթային մէկ օղակն է, ձեռամբ՝ հանածոյ վառելիքի ամէնէն մեծ շահառուներէն մէկուն:

Բնապահական գիտակցութեան բարձր մակարդակով յատկանշուող այս դարաշրջանին՝ ընկերութիւնները կամ պետութիւնները յաճախ կը դիմեն խաբեբայական գործելաոճի, երբ բնապահական միտումները կ՚օգտագործուին անոնց վարկը բարձրացնելու համար՝ առանց այդ ուղղութեամբ էական քայլեր առնելու, ինչ որ յայտնի է «կանաչ լուացում» անունով: