Search
Close this search box.

WCIT2024/DigiTec-ի շրջանակին մէջ Հայաստան առաջին անգամ տեղի ունեցած Ներդրողներու շրջապտոյտը յաջողութեամբ պսակուած է

Հոկտեմբեր 4-7 Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ տարուան ամէնէն սպասուած արհեստագիտական միջոցառումը՝ Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը՝ WCIT2024/DigiTec-ը Մարզահամերգային համալիրին մէջ, որու շրջանակին մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ DigiTec Expo-ն «Մերիդիան» կեդրոնին մէջ։ «ՄՏՔԻ ՈՒԺԸ. Արհեստական բանականութիւն՝ սահմաններէն անդին՝ բարոյագիտութեան շրջանակին մէջ» խորագրով WCIT2024/DigiTec համաժողովը տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ազդեցության հզօրացման, ներդրումներու եւ տարբեր տարածաշրջաններու տնտեսութիւններուն մէջ լուծումներու կարեւորութիւնը ընդգծող համաշխարհային հարթակ դարձաւ՝ մէկ յարկի տակ ի մի բերելով միջազգային եւ տեղական շարք մը խօսնակներ։

Այս համաժողովի շրջանակին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով  կազմակերպուած է նաեւ Ներդրողներու շրջապտոյտ (Investor Tour)։ 

Այսպէս, աշխարհի 12 երկիրներէ 35 ներդրողներ ժամանած են՝ ծանօթանալու հայաստանեան սթարթափներուն, ընկերութիւններուն եւ ներդրումներու կարելիութիւններուն։ 

BANA Angels-ի հետ համագործակցութեամբ այս ծաւալուն նախաձեռնութիւնը պսակուած է նշանակալի յաջողութեամբ, ինչ որ հայկական սթարթափներուն ընձեռած է բացառիկ առիթ՝  բացայայտելու ֆինանսական նոր կարելիութիւններ, աղբիւրներ եւ շուկաներ։ Արտասահմանէն ժամանած ներդրողները WCIT2024/DigiTec-ի օրերուն յատուկ ծրագրով գտնուած են Հայաստան, այցելած են համաժողովի տարածք, DigiTec Expo, տեղւոյն վրայ ծանօթացած են Հայաստանի սթարթափներու համակարգին։ 

Ներդրողները կարելիութիւնն ունեցած են այցելելու Հայաստանի Unicorn startup-ներէն մէկ քանին եւ ուսումնասիրելու տարածաշրջանի աճը խթանող նորարարական ծրագրերը: