Search
Close this search box.

ԵԳԻՊՏՈՍ – ՀՀ նախագահը Իրաքի նախագահին հետ հանդիպումին մտահոգութիւն յայտնած է Ալիեւի՝ արաբական երկիրները Հայաստանի դէմ տրամադրելու փորձերու առնչութեամբ

Շարմ-էլ-Շեյխի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան 27-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցած է Իրաքի նախագահ Ապտէլ Լաթիֆ Ռաշիտի հետ։

Նախագահ Խաչատուրեան նշած է, որ Իրաք տարածաշրջանին մէջ կը հանդիսանայ Հայաստանի վստահելի բարեկամը և մեր երկիրը շատ կարեւոր կը նկատէ տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ գործակցութեան զարգացումը:

Իր կարգին, նախագահ Ռաշիտ ընդգծած է, որ Իրաք ապրող հայերը կը վայելեն իշխանութիւններու աջակցութիւնը և թէ իրենք բարձր կը գնահատեն հայ-իրաքեան սերտ յարաբերութիւնները։ Անոր համաձայն՝ վերջին տարիներուն երկկողմ առևտրաշրջանառութեան մէջ արձանագրուած է դրական աշխուժութիւն, որ տնտեսական լուրջ ներուժի նախանշան կը հանդիսանայ։

Վահագն Խաչատուրեան յայտնած է, որ Հայաստան հիանալի յարաբերութիւններ ունի իսլամական, այդ կարգին՝ արաբական երկիրներու ճնշող մեծամասնութեան հետ: Այս համածիրին մէջ նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է՝ վերջերս կայացած Արաբական պետութիւններու լիկայի համաժողովի ընթացքին Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի ունեցած ելոյթին կապակցութեամբ, երբ ան շահարկած է կրօնական գործօնը Հայաստանի դէմ ուղղուած իր մեղադրանքներուն մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կրօնական երանգ հաղորդելով և փորձելով իսլամական, այս պարագային՝ արաբական երկիրները տրամադրել Հայաստանի դէմ: Առ այդ նախագահ Խաչատուրեան ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չունի և չի կրնար ունենալ կրօնական երանգ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը պայքարին իրենց հայրենիքին մէջ ապահով ապրելու և արարելու իրենց իրաւունքին համար։