Տելհիի մէջ լոյս տեսնող The Еurasian Times թերթը կը հաղորդէ որ «Երեւան հնդկական սպառազինութեան նոր խմբաքանակ կը գնէ»։
Թերթին համաձայն՝ Երեւան ստորագրած է Հայտերապատ քաղաքին մէջ գործող Zen Technologies ընկերութեան հետ անօդաչու սարքերու դէմ պայքարի համակարգեր ձեռք բերելու շուրջ պայմանագիր, որու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 41,5 միլիոն տոլար։
«Zen Technologies-ի հակաանօդաչու համակարգը իր արդիւնաւէտութիւնը ապացուցած արհեստագիտութիւն է, որ արդէն կ՚օգտագործուի հնդկական բանակին կողմէ»,– ըսած է The Еurasian Times-ի աղբիւրներէն մէկը՝ ընդգծելով, թէ «Հայաստանի մէջ կը գիտակցին, որ եթէ հնդկական բանակը այդ համակարգերը կը գործածէ, ուրեմն անոնք լաւ պէտք է ըլլան»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։