Search
Close this search box.

ԱԱԾ. «Ազերպայճանցի զինուորը հայ-ազերպայճանական սահմանէն անցած է հայկական կողմը»

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան համաձայն՝ Փետրուար 28-ի առտուան ժամը 5-ի մօտերը, ազերպայճանցի զինուոր մը հայ-ազերպայճանական սահմանէն անցած է հայկական կողմը՝ Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղին շրջանը։ Ան զինուած եղած է։

Հայաստանի Պաշտպանութեան բանակին զինուորները վնասազերծած են ենթական։ Դէպքին կապակցութեամբ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն կը քննարկէ հարցը՝ քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով։

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։

Նշենք, թէ սոյն հարցին առնչութեամբ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութինը հաղորդած էր, թէ իր զինուորներէն Ռուսլան Փանախով անբարենպաստ եղանակին պատճառով ճամբան կորսնցուցած է…: