Ազգային գրադարանին մէջ բանախօսութիւն՝  նուիրուած Գրիգոր Պըլտեանի 80-ամեակին

 

Յունուար 20-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանի արուեստի սրահին մէջ տեղի ունեցած է բանախօսութիւն՝ նուիրուած սփիւռքահայ անուանի գրականագէտ, գրող Գրիգոր Պըլտեանի 80-ամեակին։

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան լեզուի յանձնախումբի նախագահ Սիրանոյշ Դվոյեան իր բանախօսութեան ընթացքին անդրադարձած է Պըլտեանի գրական ժառանգութեան, ստեղծագործական ուղիին եւ հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերին։

Ան նշած է, թէ գրողը մնայուն կերպով կապ պահած է հայրենի գրականագէտներուն հետ, իսկ վերջին երկու տասնամեակներուն անոր գիրքերուն մեծ մասը հրատարակուած է Երեւանի մէջ։

Բանախօսը ընդգծած է, թէ Գրիգոր Պըլտեան տարիներէ ի վեր երիտասարդ ուսումնասիրողներուն կը փոխանցէ գրականութեան նկատմամբ իր սէրն ու գիտելիքը։

Նշենք, թէ նոյն սրահին մէջ ցուցադրուած են Պըլտեանի բազմաթիւ գիրքերը։

Հանդիպումը տեղի ունեցած է գրասէր ու պատմասէր լսարանի մը առջեւ, մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ։