Search
Close this search box.

Ազերիները պղծած ու ոչնչացուցած են «Տանկ-յուշարձանը»

 

Ազերպայճանցիները վերցուցած, ապա ոչնչացուցած են Ստեփանակերտ-Շուշի ճամբուն վրայ գտնուող եւ Արցախեան Ա. պատերազմին Հայոց յաղթանակը խորհրդանշող հրասայլը։

1992 Մայիս 8-ին Շուշի հասած հայկական առաջին հրասայլը պատերազմէն յետոյ դարձած էր յուշարձան, ծանօթ՝ «Տանկ-յուշարձան» անուանումով, որու առջեւ Հայերը յարգանքի տուրք կը մատուցէին պատերազմին նահատակուածներուն: