Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – ԱՄՆ – Պաքու «կողմնակալ» կ՚որակէ Ազերպայճանի մէջ մարդկային իրաւանց մասին Պլինքընի յայտարարութիւնը

 

Պաքու խստօրէն դատապարտած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի Դեկտեմբեր 11-ին կատարած յայտարարութիւնը՝ զայն «կողմնակալ» որակելով։

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ զայն համարած է «միջամտութիւն իր երկրի դատական եւ իրաւական հոլովոյթներուն», որ «կը խեղաթիւրէ Ազերպայճանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու իրավիճակը»։

“Ցաւօք, Ազերպայճանի ներքին գործերուն՝ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարին միջամտութեան պատճառով վերջին չորս տարիները կորսուած կը նկատենք երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար, որոնք ծանօթ էին բարեկամութեամբ եւ գործակցութեամբ”,– ըսած է Հաճիզատէ։ “Պլինքընի երկակի չափանիշերով վերաբերումը կաթուածահար ըրած է ԱՄՆ-ու քաղաքականութիւնը ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Կը յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմի օրօք մեր միջեւ բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւնները կը վերականգնին”,– եզրափակած է ազերպայճանցի դիւանագէտը։

Նշենք, թէ Պլինքըն նախորդ օր յայտարարած էր, թէ Ուաշինկթըն խիստ մտահոգ է Ազերպայճանի մէջ պարզ քաղաքացիներու եւ լրագրողներու նկատմամբ յարաճուն ճնշումներու պատճառով՝ յորդորելով անյապաղ ազատ արձակել մարդկային իրաւանց պաշտպանութեամբ զբաղող եւ ճնշումներու ենթարկուող գործիչներն ու լրագրողները։ Ան նաեւ կոչ յղած է Պաքուի իշխանութիւններուն յարգելու ԵԱՀԿ-ի անդամակցելով իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Աւելցնենք, թէ 2024-ի Յունիսի տուեալներով՝ Ազերպայճանի մէջ 303 քաղաքական բանտարկեալ կայ։ Ազերպայճանի իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն համաձայն՝ 2000-ական թուականներէն ի վեր առաջին անգամ այդ երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներուն թիւը կը գերազանցէ 300-ը։