Search
Close this search box.

Ազերպայճան անիրատես կը համարէ խաղաղութեան պայմանագրին առնչուող Հայաստանի առաջարկը

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անիրատես կը համարէ խաղաղութեան պայմանագրին առնչուող Հայաստանի առաջարկը, թէ՝ ստորագրել այն ինչ որ արդէն համաձայնութեան արժանացած է, նշելով որ խաղաղութեան պայմանագրի բոլոր կէտերը հաւասար արժէք ունին եւ կարելի չէ մէկը միւսէն առանձնացնել։

Ալիեւ շեշտած է, թէ նման նախադէպերէ տեղեակ չէ։

Յիշեցնենք, թէ շաբաթ մը առաջ Հայաստանի վարչապետը Պաքուի առաջարկած էր ստորագրել 80 տոկոսով համաձայնութեան արժանացած պայմանագրին նախագիծը եւ խաղաղութեան պայմաններու տակ աշխատիլ մնացեալ բոլոր հարցերու շուրջ։