Search
Close this search box.

Ազերպայճան բռնագրաւուած Դադիվանքը յանձնած է Ուտիներու տնօրինութեան

Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Քարվաճառի շրջանը գտնուող միջնադարեան հայկական Դադիվանքը յանձնուած է Ուտիներու տնօրինութեան։

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներուն՝ «1993-2020 թուականներու ժամանակաշրջանին հայերը փորձած են կեղծել տաճարի պատմութիւնը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ թէ իրենցը, իսկ ազատագրումէն ետք վանքը վերադարձուած է իր իրական տէրերուն»։

2020 թուականի պատերազմի աւարտէն ետք ազերպայճանական պետական քարոզչամեքենան հայկական մշակութային ժառանգութեան բռնի իւրացման միտող իր քարոզչութեան մէջ սկսած է օգտագործել Ազերպայճանի տարածքին բնակող, սկիզբը Հայ եկեղեցւոյ դաւանող քրիստոնեայ ուտիները: Գլխաւոր պատճառը այն է, որ ուտիները կովկասեան աղուաններու միակ քրիստոնեայ յետնորդներն են:

Մինչդեռ, Դադիվանքի վաղեմութեան ու հայկականութեան մասին կը վկայեն վանքի պատերուն վրայ պահպանուած արձանագրութիւններն ու վանքի տարածքին գտնուող հնագոյն խաչքարերը: Վանքի կառուցման մասին պատմական տեղեկութիւններ ու վկայութիւններ կան արտասահմանեան մասնագիտական աշխատութիւններուն մէջ:

Մատենագրական աղբիւրներու մէջ Դադիվանքը առաջին անգամ յիշատակուած է 9-րդ դարուն, սա գրառումով. «…ի խորաձորն, որ կոչի Դադոյի վանք»։ Վանքի հիմնադրումը աւանդաբար կը կապուի Թադէոս առաքեալի աշակերտ Դադիի նահատակութեան հետ: Համաձայն աւանդութեան՝ վերջինս քրիստոնէութիւնը տարածելու համար նահատակուած է, իսկ անոր գերեզմանին վրայ հիմնադրուած է վանքը։