Search
Close this search box.

Ազերպայճան կրկին կ՚արծարծէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցը

Ամիրբեկով. «Զանգեզուրի միջանցքը վերջ կը դնէ Հայաստանի մեկուսացման»

Անթալիոյ մէջ կայացած դիւանագիտական խորհրդաժոյղովի շրջանակին մէջ, Ազերպայճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էլչին Ամիրբեկով կրկին արծարծած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցը։ Ան ըսած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցքը» կրնայ դառնալ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ «վստահութեան» եւ «խաղաղաշինութեան» ամրապնդման կարեւոր միջոց մը՝ աւելցնելով, որ «բացի զուտ տնտեսական օգուտէն, ներկայ կացութեան մէջ երկիրներու միջեւ երթեւեկութեան կապի վերականգնումը կրնայ խաղաղութիւն կերտելու արդիւնաւէտ գործիք դառնալ»։

“Ըսածիս վառ օրինակը Զանգեզուրի միջանցքի նախագիծն է, որ կրնայ ոչ միայն ուղղակի երթեւեկութեան կապ հաստատել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ, այլեւ վերջ դնել տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի տնտեսական մեկուսացման։ Սոյն նախագծին իրականացումը շահաւէտ է եւ ամբողջովին կը համապատասխանէ տարածաշրջանի այլ երկիրներու, առաջին հերթին Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի շահերուն”,– նշած է ան։

Բացի ատկէ, Ամիրբեկովի համաձայն՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը կրնայ այլընտրանքային ճամբայ դառնալ արդէն գոյութիւն ունեցող Անդրկասպեան միջազգային միջին միջանցքին, որ Չինաստանը կը կապէ Եւրոպայի հետ Կեդրոնական Ասիոյ վրայով եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Ազերպայճանի եւ Վրաստանի տարածքով:

“Կը յուսանք, թէ Երեւան, որ աւելի քան երեք տարիէ ի վեր կը խուսափի իր պարտաւորութիւնները կատարելէ եւ փաստօրէն կ՚արգիլէ Զանգեզուրով երթեւեկի հաղորդակցութեան վերականգնումը, ի վերջոյ կը գիտակցի, որ այս ծրագիրը օգտակար է նաեւ Հայաստանի համար։ Հակառակ պարագային՝ բաղձալի «խաչմերուկ»-ը կրնայ տարածաշրջանային փակուղի մնալ”,– եզրափակած է Ամիրբեկով։