Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Հասանով իր ենթականերուն յանձնարարած է պատրաստ ըլլալ «պայմանական սահմանին հնարաւոր գրգռութիւնները կանխելու համար»

Հոկտեմբեր 12-ին, Ազերպայճանի ռազմական գերատեսչութեան մէջ Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն։

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Հասանով «յստակ յանձնարարականներ տուած է՝ զօրքերու մարտունակութիւնը բարձր մակարդակի պահպանելու, զգօն եւ պատրաստ ըլլալու պայմանական սահմանին վրէժխնդիր ուժերու բոլոր կարելի գրգռութիւններու դէմ կանխող միջոցներու ձեռնարկելու համար»։

Այլ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած։