Search
Close this search box.

Ազերպայճան հող կը նախապատրաստէ ազերպայճանցիներու՝ Հայաստան վերադարձի հարցը օրակարգ բերելու համար

Այսպէս կոչուած՝ «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի նախագահ, 
Ազերպայճանի խորհրդարանի երեսփոխան Ազիզ Ալեքպերլի

«Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք» կոչուած կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ուր նշուած է թէ «Իսլամական համագործակցութիւն կազմակերպութեան» (ԻՀԿ) վերջերս տեղի ունեցած համաժողովին՝ անդամ 57 երկիրներ մտահոգութիւն յայտնած են «Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ազերպայճանցիներու ճակատագրին վերաբերեալ, նշելով թէ պատրաստ են աջակցելու անոնց հայրենի հող վերադարձը ապահովելու համար»:

«Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ին համաձայն՝ այս որոշումով «ԻՀԿ-ն հանդիսացած է առաջին միջազգային կազմակերպութիւնը, որ աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանէն վտարուած ազերպայճանցիներու վերադարձին»։

Կրկնելու գնով նշենք, թէ «Արեւմտեան Ազերպայճան» կոչուածը յաջորդական յօրինուած եզրոյթն է, զոր յառաջ կը մղէ Պաքու՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները ներկայացնելով իբրեւ «Ազերպայճանի պատմական հողեր» եւ արդարացնելով իր նկրտումները Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր բնակավայրերու ուղղութեամբ։