Search
Close this search box.

Ազերպայճան յայտարարած է իր բանակի հզօրացման անհրաժեշտութեան մասին

 

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարած է ազերպայճանական բանակի հետագայ հզօրացման մասին։

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներու, Հոկտեմբեր 9-ին Պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է պաշտօնական խորհրդակցութիւն մը։

«Ընդգծուած է, որ ազերպայճանական բանակի հետագայ հզօրացումը անվտանգութեան ապահովման կարեւոր գործօններէն է… Հանդիպումին վերլուծուած է Ազերպայճան-Հայաստան պայմանական սահմանին առկայ իրավիճակը։

Յանձնարարականներ տրուած են հակօդային պաշտպանութեան, հետախուզութեան եւ հակահետախուզութեան ստորաբաժանումներու, ելեկտրոնային պատերազմի եւ այլ ստորաբաժանումներու հզօրացման ուղղութեամբ»,– Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը մէջբերած են ազերպայճանական լրատու աղբիւրները։