Search
Close this search box.

Ազերպայճան քանդած է Բերձորի Սուրբ Համաբարձում եկեղեցին ու տեղը մզկիթ կը կառուցէ

Ազերպայճանի իշխանութիւնները՝ հիմնայատակ քանդելէ ետք Արցախի Հանրապետութեան Բերձորի Սուրբ Համաբարձում եկեղեցին, անոր տեղը մզկիթ կը կառուցեն։ Այս կապակցութեամբ ահազանգ կը հնչեցնէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Պետական խորհուրդը ու կը յիշեցնէ, որ 2022 Սեպտեմբերէն իսկ յայտնած էին Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու ազերպայճանական վարչախումբի մտադրութեան մասին։

Բերձորը, ներառեալ Սուրբ Համբարձման եկեղեցին, Հայաստան թշնամիին յանձնեց 2022 Օգոստոս 25-ին։

Եկեղեցին կառուցուած է 1998-ին, գմբէթի խաչը օծուած է 1998 Մայիս 31-ին։ Զայն Ազերպայճանին յանձնելէ յետոյ Panorama.am-ի հետ զրոյցին եկեղեցւոյ ճարտարապետ Հրաչեայ Գասպարեան մտավախութիւն յայտնած էր, ըսելով. «Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցին հաւանաբար կ՚արժանանայ Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցւոյ ճակատագրին, երբ զայն վերածեցին մզկիթի»։