Search
Close this search box.

Ազերպայճան՝ ձերբակալուած Ռուբէն Վարդանեանէն լուսանկար հրապարակած է

Ազերպայճանի պետական ծառայութիւնը հրապարակած է լուսանկար մը, հաստատելով, որ Արցախի նախկին Պետական նախարար, բարերար, գործարար Ռուբէն Վարդանեանը ձերբակալած է։

«Պետական սահմանային ծառայութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ Վարդանեանը փոխադրած են Պաքու եւ յանձնած համապատասխան պետական մարմիններուն՝ անոր վերաբերեալ համապատասխան որոշում կայացնելու համար»,– նշուած է Ազերիներու այս առթիւ հրապարակած  հաղորդագրութեան մէջ։