Search
Close this search box.

Ազերպայճան՝ Ռուբէն Վարդանեանը մեղադրած ու բանտարկած է

Ազերպայճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Արցախի Հանրապետութեան նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը կը մեղադրէ Պաքուի քրէական օրէնսգրքի երեք յօդուածով:

Նշուած է, թէ Հայաստանի քաղաքացի Ռուբէն Վարդանեան կը մեղադրուի «ահաբեկչութեան գանձատրման», «զինուած խմբաւորումներու ստեղծման և գործունէութեան մասնակցելու», «պետական սահմանի ապօրինի հատման վերաբերեալ»: Դատարանի որոշումով ան բանտարկուած է։

Բացի ատկէ, վերոյիշեալ Ծառայութիւնը հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր Վարդանեան կը հարցաքննուի, ապա բանտախուց կ՚առաջնորդուի։