Search
Close this search box.

Ազերպայճանական բանակի արձակած կրակոցներու հետեւանքով Տաւուշի մարզին մէջ վնասուած են քաղաքացիական ենթակառոյցներ

Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ Ապրիլ 5-էն Ապրիլ 6-ի գիշերուան ընթացքին Ազերպայճանի զինուժին կողմէ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով Տաւուշի մարզին մէջ վնասուած են քաղաքացիական ենթակառոյցներ, մասնաւորապէս Մովսէս գիւղին մէջ՝ բնակարաններ եւ գերեզմանաքար մը, իսկ Ներքին Կարմիրաղբիւրի մէջ՝ կառք մը։