Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25-ին, Չեչենիոյ մայրաքաղաք Կռոզնի ուղղուելու համար Պաքուէն թռիչք առած Ազերպայճանական ազգային օդային գիծերու Embraer ERJ-190AR օդանաւ մը առայժմ անծանօթ պատճառներով ճամբէն շեղած է ու փորձած ստիպողական էջք կատարել Ազերպայճանի՝ կասպիական հանդիպակաց ափերուն՝ Ղազախստանի Աքթաու քաղաքը։ Օդանաւը էջքը ձախողելով՝ ջախջախուած է այդ քաղաքի օդակայանին մօտակայքը։
Վերջին տուեալներով՝ օդանաւին մէջ գտնուող 67 հոգիէն (62 ճամբորդ եւ 5 անձնակազմ) 38-ը մահացած է, մնացեալներն ալ վիրաւորուած են։
62 ճամբորդներէն 37-ը Ազերպայճանի քաղաքացիներ էին, վեցը՝ Ղազախստանի, երեքը՝ Քիրկիզստանի, 16-ը՝ Ռուսաստանի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։